2011-10-23 11:54:22

Միսիոնարական Համաշխարհային Օր` '' Ինչպէս Որ Հայրը Զիս Ղրկեց, Ես Ալ Ձեզ Կը Ղրկեմ''։ Քրիստոնեական Հաւատքի Քարոզութիւն , Նոր Աւետարանութեան Լոյսով Նիւթին Մասին։


Ժողովուրդներու աւետարանութեան ժողովին կառավարիչ` Գերապայծառ ֆիլոնի, բացայայտելով Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի ընտրած 2011ի համաշխարհային օրուան նիւթը`'' Ինչպէս որ Հայրը զիս ղրկեց, ես ալ ձեզ կը ղրկեմ'', ըսաւ <<հեթանոսներու քարոզութիւնը նոր աւետարանութեան լոյսով նիւթին ընտրութիւնը ունի` բնականաբար` որպէս մեկնակէտ Հայրն Աստուած, որովհետեւ առաքելութիւնը կու գայ Տիրոջմէն եւ յանձնուած է Յիսուս Քրիստոսին, որ իր կարգին յանձնած է առաքեալներուն եւ անոնց յաջորդներուն, որ է Եկեղեցին։
Եկեղեցին կանչուած է Քրիստոսի Աւետարանը քարոզելու երկրագունդի բոլոր մարդոց` Ինչպէս որ Հայրը զիս ղրկեց, ես ալ ձեզ կը ղրկեմ։ Եկեղեցին այսօր եւս կանչուած է Յիսուսի հրամանը կատարելու, Աւետարանը քարոզելով ոչ միայն հեթանոսներուն այլ եւ կնքուածներուն, որոնք այլ պատճառներու հետեւանքով հեռացած կամ մոռցած են Աւետարանը։
Ժողովուրդներու աւետարանութեան ժողովին պարտականութիւնն է ճանչցնել Աւետարանը աւելի քան 5 միլիառ մարդոց, որոնք տակաւին չեն ճանչնար Քրիստոսը, ինչպէս նաեւ բոլոր այն հաւատացեալներուն, որոնք թէեւ կնքուած են սակայն հեռու են քրիստոնէական կեանքի ապրումէն։

Խօսելով Սրբազան Քահանայապետի հռչակած ''հաւատքի տարի'' նիւթին մասին, Գերապայծառ ֆիլոնի ըսաւ <<մեծ յոյս ունիմ որ ''հաւատքի տարի''ն մեծապէս պիտի նպաստէ աւետարանութեան, քանի Նորին Սրբութիւնը կ'ըսէ որ հաւատքը պէտք է ուրախութեամբ քարոզուի ժամանակակից հաւատացեալ եւ ոչ հաւատացեալ մարդոց։
Ապա Գերապայծառ ֆիլոնի` մատնանշեց որ Միսոնարական համաշխարհային օրուան ընթացքին կատարուած դրամահաւաքը պիտի ծառայէ թերաճ երկիրներու մէջ եկեղեցիներու կառուցումին եւ նոր սերունդներու դաստիարակութիւն ապահովցնելու։

Նշենք որ ժողովուրդներու աւետարանութեան Միսոնարական համաշխարհային օրը հիմնուած է 1926ին Պիոս 11-րդ Քահանայապետի կամքով ունենալով որպէս նպատակ ընդառաջել ընդհանրական Եկեղեցւոյ քարոզութեան պահանջներուն։ Միսոնարական համաշխարհային առաջին օրը նշուեցաւ 1927ին։ Յիշատակումը կը կատարուի, ամէն տարի, հոկտեմբեր ամսոյն վերջընթեր կիրակին, քանի հոկտեմբեր ամիսը աւանդութեամբ վերապահուած է առաքելութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.